2013-04-22 11:49:08

Պոսթոնի Մէջ Պատահած Մահափորձէն Ետք` Թեմին Առաջնորդը Կոչ Ըրած Է Սիրոյ Քաղաքակարթութեան Ի Խնդիր։


Պոսթոնի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորած միջկրօնական արարողութեան մը ընթացքին, ահաբեկչութեան զոհերուն համար, քաղաքին առաջնորդը գերապայծառ Օ'Մալէյ ըսաւ. ''պէտք ենք նուաճել մահուան մշակոյթը ու աշխատիլ սիրոյ քաղաքակրթութեան հաստատումին ի խնդիր։ Այս աշխատանքը կարելի չէ իրագործել անհատաբար այլ պէտք ենք գործել ընտանեկան ու համայնքային մակարդակի վրայ։ Այս ողբերգութեան ի տես ամէնքս կանչուած ենք միասնաբար գործելու վերանորոգ վճռակամութեամբ ու զօրակցութեամբ այն խոր համոզումը իւրացնելով որ կեանքը աւելի ուժեղ է մահէն։''
Յայտնենք որ 15 ապրիլ 2013-ին երկու ռումբեր պայթեցան հանրութեան մէջ մինչ համախմբուած էր դիտելու Պոսթոնի մարաթոնը։ Պայթումները պատճառեցին 3 մեռեալ եւ 170 վիրաւոր։ Պայթումի հեղինակները Չեչեն երկու եղբայրներ են` մեծը 26 տարեկան ոստիկանութենէն սպաննուեցաւ, իսկ եկրորդը 19 տարեկան ձերբակալուեցաւ, անոնք հաւանաբար ներշնչուած էին իսլամական ծայրեղ գաղափարախօսութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.